2016-05-12 08:29:00

Ահաւոր պայթում` Պաղտատի բազմամարդ շուկաներէն մէկուն մէջ։


Ահաւոր պայթում մը չորեքշաբթի օր` կէսօրէ առաջ ցնցեց Պաղտատի արեւելքը գտնուող Սատր շրջանի բազմամարդ մէկ շուկան: Սկզբնական տեղեկութեանց համաձայն, պայթումը պատճառած է 64 զոհ եւ 87 վիրաւորներ: ՏԱՀԵՇ-ը համացանցի վրայ ստանձնեց մեծամասնութեամբ շիիներով բնակուած այս շրջանի պայթումը` բացայայտելով զայն գործադրած ահաբեկիչին` Ապու Սուլէյման Անսարիի անունը, զայն որակելով «նահատակ»:

Նմանապէս, երէկ  յետմիջօրէին երկու այլ պայթումներ եւս պատահեցան, մէկը Պաղտատի հիւսիսը գտնուող Քազըմիէ քաղաքի մուտքին, մեծամասնութեամբ շիիներով բնակուած Ատան հրապարակին վրայ, երկրորդը` Պաղտատի արեւմուտքը Ժամիհա թաղամասի Ռապիհ փողոցին մէջ, մեծամասնութեամբ սիւննի բնակչութեամբ: Առաւելաբար դաշնակցային ոստիկանութեան անցարգելներ թիրախ ունեցող այդ երկու պայթումները, նախնական տեղեկութիւններու համաձայն, պատճառեցին 18 զոհ եւ 42 վիրաւոր:

Ցարդ ոչ ոք ստանձնեց վերջին երկու պայթումներուն պատասխանատուութիւնը:

Նշենք, որ առաջին պայթումէն ճողոպրած մարդիկ իրենց ցասումը արտայայտեցին, մեղադրելով կառավարութիւնը իբրեւ իրենց պաշտպանութեան մէջ թերացող իշխանութիւն:

Այս պայթումները կը պատահին այնպիսի պահու, երբ Իրաքի մէջ քաղաքական սաստիկ տագնապ կայ, երեսփոխանները չեն կրնար համաձայնիլ լիագումար նիստ գումարելու առումով եւ կառավարութիւնը կը պարզէ գրեթէ կազմալոյծ վիճակ` հատուածական եւ կուսակցական տարակարծութեանց հետեւանքով:

Նշենք, որ ՏԱՀԵՇ-ի կատարած պայթումները առաւելաբար թիրախ ունին Իրաքի շիիներով բնակուած շրջանները: Երէկուան պայթումը մեծագոյնն ու ամէնէն ահաւորն էր ամիսներէ ի վեր յաճախակիօրէն կատարուող պայթումներուն շարքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.